2022 Հոկտեմբեր 28-էն 31 Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»-ը։
Թէ՛ Էջմիածնի Մայր Աթոռը, թէ՛ ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիսութիւնը, գրեթէ նոյն պատճառաբանութիւններով, նպատակայարմար չեն դատած մասնակցիլ այս վեհաժողովին։
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քահանայ Արթէնեան, պատասխանելով «Առաւօտ» թերթի հարցումին, տուած է հետեւեալ բացատրութիւնները.-
“Հաստատում ենք, որ ՀՀ Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի կողմից Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին բանաւոր հրաւէր է ուղղուել տարւոյս Հոկտեմբեր 28-ից 31-ը գումարուելիք Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին մասնակցելու համար: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում քննարկուել է Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին Եկեղեցու մասնակցութեան հարցը:
Հոկտեմբեր 28-31-ի գագաթնաժողովը տարակուսանքներ է առաջացնում մասնակիցների ընտրութեան հարցում, մասնաւորաբար, համահայկական աւանդական կազմակերպութիւնների եւ ազգային կեանքում նշանակալի աւանդ ունեցող անձանց ներկայացուածութեան առումով: Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրների համածիրում անընկալելի են նաեւ քննարկման համար ընդգրկուած նիւթերը: Կազմակերպական այս մօտեցումներով նման միջոցառումը կարող է նոր զգայնութիւններ եւ լարուածութիւններ առաջացնել ազգային մեր կեանքում եւ արդիւնաւէտ չլինել:
Եկեղեցին հնարաւորութիւն չի ունեցել իր յիշեալ եւ այլ դիտարկումները ներկայացնելու գագաթնաժողովի կազմակերպիչներին՝ ներգրաւուած չլինելով կազմակերպչական աշխատանքներում, թէեւ Եկեղեցին միշտ էլ կարեւորել է համահայկական համախմբմանն ուղղուած նման համաժողովների ու միջոցառումների անցկացումը։ Վերոյիշեալ նկատառումներից ելնելով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նպատակայարմար չի նկատում Եկեղեցու մասնակցութիւնը գագաթնաժողովի աշխատանքներին”:
Միւս կողմէ, Cilicia TV Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացած է, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ վեհաժողովին մասնակցելու: Հայութեան եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներհայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ Վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւնը եւ վերապահութիւնը յայտնած է:
Cilicia TV-ն նոյն աղբիւրէն իմացած է, թէ Լիբանանի Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ իր գումարած նիստին, բաժնելով Վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չէ ընդգրկուած վեհաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի կեանքին մաս կազմող կառոյցներ չեն հրաւիրուած, այլ միայն անհատ ազգայիններ, ճիշդ չէ նկատած Սուրբ Աթոռին եւ իր թեմերուն մասնակցութիւնը նշեալ վեհաժողովին:
Ազգային կեդրոնական վարչութեան նիստին Վեհափառ հայրապետը շեշտած է.-“Ժամանակակից մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական փուլին, մեր ազգին ղեկավարութեան` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, միատեղ համախմբումը եւ վճռական որոշումներու կայացումը` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, աւելի քան հրամայական է ու անյետաձգելի: Այսօր ա՛յս պէտք է դառնայ մեր մտահոգութեան ու աշխատանքներուն կիզակէտը”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։