Search
Close this search box.

Ազգային ժողովի Պետաիրաւաբանական յանձնաժողովը դէմ քուէարկած է «Հայաքուէ»-ի նախագծին

Դեկտեմբեր 4-ին, Ազգային ժողովի Պետական իրաւաբանական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկած է «Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան օրէնսդրական նախագծին, որ կ՚առաջարկէր քրէականացել Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Արցախը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, զայն ժխտելը։ 

Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան եօթը երեսփոխաններու դէմ քուէներով «Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը չէ ընդգրկուած խորհրդարանի նիստի օրակարգին վրայ։