Search
Close this search box.

Ազերպայճանցիներու վանդալականութեան նոր դրսեւորում

 

Ազերպայճանցիները աւերած են Օմարի լեռնանցքին զոհուած Տիգրան Աբրահամեանի եւ ընկերներու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշաղբիւրը՝ Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս բնակավայրի Թթու ջուր կոչուող տարածքին մէջ։

Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տեղեկութեան համաձայն՝ Աղանուս գիւղին մօտ գտնուող պատմական աղբիւրի շրջակայքի ծառերը հատուած են։ Քաշաթաղի մէջ բնակութիւն հաստատած Ազերպայճանցիները տեղեկացուցած են, որ այնտեղ պիտի կառուցուին հանգստեան կեդրոն եւ ճաշարան։ Իսկ Ազերպայճանի Բնապահութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Աղանուս գիւղին մէջ իրականացուած շինարարական աշխատանքները եղած են կամայականօրէն եւ շինարարութեան վերաբերեալ որեւէ արտօնութիւն չէ տրուած։

Moderator.az կայքին համաձայն՝ տարածքի բնակիչները կը պահանջեն անյապաղ դադրեցնել շինարարութիւնը եւ համապատասխան կառոյցներուն հաշուետւութիւն ներկայացնել այնտեղ կատարուած ապօրինի աշխատանքներուն մասին։

«Ի՞նչ կարիք կար այս գեղատեսիլ վայրի ծառերը կտրելու ու այդ տարածքի կանաչն ու զովութիւնը վերացնելու եւ այդ ամէնը՝ հոն ճամբայ շինելու համար: Սա իրական բնապահական աղէտ է, ուրիշ անուն չունի սա: Այդ ալ հօ Հայերը չեն ընողը», – նշուած է կայքին հրապարակած յօդուածին մէջ: