Search
Close this search box.

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Արտակարգ նախագահական ընտրութիւն

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած հրամանագրով՝ 2024 Փետրուար 7-ին տեղի կ՚ունենայ արտակարգ նախագահական ընտրութիւն։

Երկիրը 20 տարիէ ի վեր ղեկավարող Ալիեւ առաջին անգամ ընտրուած էր 2003-ին, այնուհետեւ երկու անգամ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելով (ջնջել տալով երկու անգամէ աւելի նախագահ ընտրուելու արգելքը), վերընտրուած էր իր պաշտօնին։

Ազերպայճանական աղբիւրները տակաւին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած սկզբնապէս 2025 Հոկտեմբերին  նախատեսուած նախագահական ընտրութեան թուականը առաջ առնելու պատճառներուն մասին։

Ամենայն հաւանականութեամբ Ալիեւ դարձեալ կը ներկայացնէ իր թեկնածութիւնը։