Search
Close this search box.

Ալիեւի կոպիտ յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի հասցէին 

Նոյեմբեր 24-ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Կեդրոնական Ասիոյ տնտեսութիւններու համար ՄԱԿ-ի յատուկ ծրագրի 25-ամեակին նուիրուած համաժողովին, Ազերպայճանի նախագահը իր ելոյթին Հայաստանի հասցէին կոպիտ յայտարարութիւններ ըրած է. «Ձախողած, կախեալ, իր տէրերուն ծառայող, մեծ պետութիւններու միջեւ առճակատման հարթակի վերածուած եւ երկու աթոռի վրայ նստող»…:

“Աշխարհի վրայ բազմաթիւ չյաջողած, կախեալ երկիրներ կան, որոնք կը փափաքին միաժամանակ երկու կամ աւելի աթոռներու վրայ նստիլ, ծառայել քանի մը տիրոջ եւ վերածուիլ աւելի մեծ պետութիւններու առճակատման հարթակի։ Անոնցմէ մէկը Ազերպայճանի դրացի Հայաստանն է։ Այդպիսի երկիրները չեն կրնար համարուիլ անկախ բառին բուն իմաստով։ Նման երկիրներու քաղաքականութեան հիմքը իրենց ժողովուրդներու կամքը չէ, անոնց ճակատագիրը կը գտնուի իրենց օտար հովանաւորներու ձեռքերուն մէջ”,– ըսած է Ալիև:

Ան իր ծաւալուն ելոյթին չէ անդրադարձած Հայաստանի հետ հաշտութեան հոլովոյթին, փոխարէնը կրկին խօսած է 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Ազերպայճանի նուաճումներուն մասին՝ չթաքցնելով, որ Պաքու յաջողութիւններ արձանագրած է ոչ թէ բանակցութիւններու միջոցով, այլ՝ ռազմական ուժի գործադրութեամբ։ Ալիեւ կրկին մատնացոյց ըրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ կատարած «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» յայտարարութիւնը, եւ պնդած, որ այդ յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ ոչնչացուց բանակցային գործընթացը:

Ի դէպ, համաժողովին մասնակցող կարգ մը առաջնորդներ, ինչպէս՝ Ղազախստանի, Քիրկիզստանի, Տաճիկստանի նախագահերը Պաքու ժամանած են Մինսքի մէջ կայացած ՀԱՊԿ-ի նիստէն անմիջապէս ետք։

Համագումարին ներկայ եղած է նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի։ Վերջինս բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած է հանդէս գալու իբրեւ անաչառ եւ չէզոք միջնորդ՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն։