Ալիեւ. «Ազերպայճան կրնայ մէկ դար ուժանիւթով ապահովել Եւրոպան»

Հունգարիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ իր երկիրը կրնայ հարիւր տարի Եւրոպայի ուժանիւթի վստահելի մատակարարը ըլլալ։

“Մեր երկիրը ունի բաւականաչափ ուժանիւթ բաւարարելու համար Եւրոպայի կարիքները յառաջիկայ հարիւր տարիներուն”,– ըսած է Ալիեւ՝ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ հանդիպման ժամանակ։

Իր կարգին, վերջինս յիշեցուցած է, որ Ազերպայճան խոստացած է կրկնապատկել Եւրոպա մատակարարուող բնական կազի քանակը մինչև 2027 թուականը։