Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Եթէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը չբացուի, Ազերպայճան՝ Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղական հեռատեսիլի կայաններուն տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ եթէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը չբացուի, Ազերպայճան՝ Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ։

“Այդ պարագային անոնք աւելի շատ վնաս կը կրեն, քան՝ կը քաղեն օգուտ”,– պնդած է ան, նշելով, թէ ի՛նչ պայմաններ կը պահանջէ Պաքու այդ ճամբուն համար. “Մարդիկ ու բեռները Ազերպայճանէն Ազերպայճան (խօսքը անկասկած՝ Ազերպայճանէն Նախիջեւանի մասին է – «ՆՅ») պէտք է հասնին առանց ստուգումի”։

Ալիեւ կրկնած է անցեալ շաբաթ իր խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւի ըսածները, թէ Պաքու նման պահանջ ներկայացնելով կը հիմնուի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան վրայ, որու 9-րդ կէտին նշուած է, թէ «Հայաստան պէտք է անարգել ճամբայ ապահովէ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ»։

Խօսելով Սեպտեմբերեան իրադարձութիւններու մասին Ազերպայճանի նախագահը նշած է, թէ  2023 Սեպտեմբեր 20-ին իր երկրին մէջ նոր դարաշրջան սկսած է. “Արդարութիւնը յաղթանակեց, մենք աւարտին հասցուցինք մեր ճշմարիտ գործը եւ վերականգնեցինք արդարութիւնը, բայց ցաւօք սրտի միջազգային հանրութեան հիմնական դերակատարները չբաժնեցին մեր կարծիքը, ընդհակառակն, կը փորձեն մեղադրել մեզ՝ մեր դէմ ճնշումներ գործադրելով”։

Ազերպայճան չ՚ընդունիր խաղաղութեան պայմանագիրը միջազգային երաշխիքներով ամրագրելու հայկական կողմի պահանջը

Անդրադառնալով Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրին՝ Ալիեւ յայտարարած է, թէ չ՚ընդունիր զայն միջազգային երաշխիքներով ամրագրելու հայկական կողմի պահանջը։

“Փաստաթուղթի ստորագրութեան համար անհրաժեշտ գլխաւոր պայմանները այժմ ստեղծուած են։ Հայաստան կ՚ուզէ, որ այդ խաղաղութեան պայմանագիրը երաշխիքներ ունենայ։ Մեր կարծիքով ատոր կարիքը չկայ”,– ըսած է Ալիեւ, ընդգծելով, թէ այդ փաստաթուղթը պէտք է ստորագրեն երկու ինքնիշխան երկիրներու առաջնորդները։

“Մեզի պէտք չեն երաշխաւորներ։ Եթէ երկկողմ ձեւաչափով ըլլայ, կը ստորագրուի։ Եթէ ոեւէ մէկը կ՚ուզէ օգնել, մենք դէմ չենք, բայց այդ օգնութիւնը պէտք չէ պարտադրուած ըլլայ”,– նշած է ան։

»Զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացման» մասին. «Մենք ո՛չ մէկ տեղ պիտի երթանք» 

Նոյն հարցազրոյցին Ալիեւ յայտնած է, թէ Պաքու չի պատրաստուիր զօրքերը ետ քաշելու պայմանական սահմանէն։

“Արդէն 30 տարի է որ մենք այդ տարածքներուն մէջ չենք եղած։ Եթէ այդ տարածքները սահման ըլլային, եւ Հայաստան զանոնք ճանչնար իբրեւ սահման, ապա այդ մասին կը նշէր։ Բայց ան կը կարծէր, որ իր սահմանը Աղդամն (Ակնայ) է։ Հետեւաբար մենք ո՛չ մէկ տեղ պիտի երթանք, ո՛չ մէկ քայլ պիտի շարժինք՝ ո՛չ 2021 Մայիսին, ո՛չ ալ 2022 Սեպտեմբերին մեր գրաւած դիրքերէն, քանի որ սահմանը պէտք է յստակացուի”,– ըսած է ան։

 

«Ջերմուկը մեր քաղաքն էր»…

Ալիեւ նոյն հարցազրոյցին նաեւ պնդած է, թէ «իր երկիրը Հայաստանի նկատմամբ անարդար քայլերու չէ ձեռնարկած»։

“Մեզ կը մեղադրեն Հայաստանի վրայ յարձակելու մտադրութեան համար. ես այս մասին արդէն խօսած եմ, բայց անգամ մը եւս կ՚ուզեմ անկեղծօրէն ըսել, որ եթէ ուզէինք, կը մտնէինք ու կ՚երթայինք մինչև վերջ։ Մեր դիմաց Ջերմուկն էր՝ մեր նախկին քաղաքը, որու իրական անունը Իստիսու է։ Ո՞վ կը կեցնէր մեզ։ Մենք նման մտադրութիւն չունէինք։ Մեր նպատակը մեր սահմանները պաշտպանելն էր։ Այնպիսի բարձունքներ պէտք էր ունենայինք մեր ձեռքը, որ մեր աչքերով տեսնէինք, թէ ի՛նչ կը ծրագրեն Հայերը”,– նշած է Ալիեւ: