Search
Close this search box.

Ալիեւ կրկին քննադատած է Ֆրանսան, պնդելով թէ Փարիզ կը փորձէ «Հայերէն աւելի Հայ ըլլալ»

Դեկտեմբեր 15-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խօսելով ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան յաջորդ տարուան համաժողովը հիւրընկալելու մասին, պնդած է որ «հակաահաբեկչական գործողութենէն ետք, Արեւմուտքի որոշ երկիրներ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցին Ազերպայճանի հասցէին։ Թէեւ միջազգային հանրութիւնը կը տեսնէ եւ նոյնիսկ Հայաստան հաշտուած է այս իրականութեան հետ, եւ համաժողովը Ազերպայճանի մէջ կայացնելը անգամ մը եւս կը փաստէ այս բոլորը, սակայն Ֆրանսայի որոշ քաղաքական առաջնորդներ կը փորձեն Հայերէն աւելի Հայ ըլլալ»։