Search
Close this search box.

Արմէն Աբազեանի ազատ կացուցուիլն ու վերանշանակումը ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնին պայմանաւորուած է օրէնքի փոփոխութիւններով

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի պաշտօնէն Արմէն Աբազեանի ազատ կացուցուիլն ու վերանշանակումը պայմանաւորուած է «Ազգային անվտանգութեան մարմիններու մէջ ծառայութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւններով: 

Օրէնքին համաձայն՝ ԱԱԾ տնօրէնը եւ տեղակալները ազատ կը կացուցուին զինուորական ծառայութեան պաշտօններէն եւ կը նշանակուին՝ իբրեւ հանրային պաշտօններ վարող անձեր:

Նշենք, թէ Յունուար 12-ին նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով ԱԱԾ-ի տնօրէնը ազատ կացուցուեցաւ իր պաշտօնէն, սակայն քանի մը վայրկեան ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով վերանշանակուեցաւ իր վարած պաշտօնին։ 

2023 Դեկտեմբերին, Ազգային ժողովը փոփոխութեան ենթարկած էր օրէնքը, որով այսուհետեւ ԱԱԾ-ի տնօրէնի պաշտօնը զինուորական ծառայութեան պաշտօն չէ եւ զայն ու անոր տեղակալները այդ պաշտօնին կը նշանակէ կամ  պաշտօնազուրկ կ՚ընէ բացառապէս վարչապետը։