Արցախի մէջ ռազմական դրութեան պարագային Ազգային ժողովը նախագահ կ՚ընտրէ

Նախագիծը ընդունուած է առաջին ընթերցումով

Արցախի մէջ ռազմական դրութեան պարագային նախագահ ընտրելու իրաւունքը կը վերապահուի Ազգային ժողովին։ Արցախի խորհրդարանը Մարտ 15-ին առաջին ընթերցումով, միաձայնութեամբ ընդունած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը։

Նախագծին վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներու ներկայացման պայմանաժամ ճշդուած է Մարտ 21, ժամը 17: