Search
Close this search box.

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Համպուրկ – Պատանի ջութակահար Դաւիթ Բաբայեան միջազգային մրցոյթին արժանացած է 2-րդ մրցանակի

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան գանձատրումով իրականացուող «Աջակցութիւն շնորհալի պատանի երաժիշտ-կատարողներու մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման եւ կատարելագործման» ծրագրի նպաստառու ջութակահար Դաւիթ Բաբայեան Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքը տեղի ունեցած  International Showcase Music Competition մրցոյթի B խումբին մէջ (12-14 տարեկաններ) արժանացած է 2-րդ մրցանակի։ 

Դատակազմին որոշումով հայ պատանին իր յաղթանակին առիթով ելոյթ  ունեցած է «New Jersey Sinfonietta» նուագախումբին հետ։