Search
Close this search box.

Գերմանիոյ կառավարութիւնը 84,6 միլիոն եւրօ օգնութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին

Նոյեմբեր 22-ին, Երևանի մէջ ամփոփուած են Հայ-գերմանական համագործակցութեան զարգացման միջկառավարական երկօրեայ բանակցութիւններու արդիւնքները։ Հայկական կողմը կը ներկայացնէր Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան, իսկ գերմանական կողմը՝ Տնտեսական զարգացման եւ համագործակցութեան նախարարութեան պետական քարտուղար Նիլս Աննեն։ Բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուած է արձանագրութիւն մը, որուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին, երկու երկիրներու դիւանագէտները նշած են այն հիմնական կէտերը, որոնց շուրջ գոյացած է համաձայնութիւն, ինչպէս՝ վերականգնուող ուժանիւթ, մասնագիտական կրթութիւն, ջրային ենթակառոյցներու զարգացում, տարածքային կառավարման բարեփոխումներ, նորարարական զբօսաշրջութիւն եւ այլն։ 

Համագործակցութեան շրջանակին մէջ Գերմանիոյ կողմէ Հայաստանին կը տրամադրուի լրացուցիչ 84,6 միլիոն եւրօ օժանդակութիւն՝ դրամաշնորհներու եւ վարկերու եղանակով, ուղղուած միջին մասնագիտական կրթութեան, ինչպէս նաեւ վերականգուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ նոր ծրագրեր իրականացնելու նպատակին։