Search
Close this search box.

«Եւրոպան կը շահի, եթէ շուտով խաղաղութեան պայմանագիր կնքուի Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ»,– կ՝ըսէ Ալիեւի ներկայացուցիչը 

 

Ազերպայճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով Էսթոնիոյ հանրային հեռատեսիլին (ERR) տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ Եւրոպան կը շահի, եթէ շուտով Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի՝ աւելցնելով, որ եթէ եւրոպական երկիրները չեն կրնար նպաստել այդ գործընթացին, ապա Ազերպայճան կ՚ակնկալէ, որ անոնք գոնէ չեն խանգարեր խաղաղութեան հոլովոյթը։

«Կ՚ուզէի դիմել Եւրոպական Միութեան երկիրներուն, որ անոնք աջակցին խաղաղ գործընթացը իր աւարտին հասցնելու եւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան շուրջ համաձայնութեան յանգելու Ազերպայճանի փափաքին, որ մեզի թոյլ կու տայ դարձնել թշնամութեան էջը։ Խաղաղութիւնը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ բնականոն կեանք սկսելու եւ երեք երկիրներու լաւ դրացիներ դառնալուն։ Պիտի փափաքէի խնդրել զերծ մնալ որեւէ գործողութենէ եւ յայտարարութենէ, որ կրնայ վնաս հասցնել այս հեռանկարին։ Ցաւօք, Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին միասնական կառոյց մը չէ, եւ մենք կը տեսնենք, թէ առանձին երկիրներու կեցուածքները բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենան Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն, արդար խաղաղութեան հասնելու գործընթացին վրայ»,– ընդգծած է Ազերպայճանի նախագահի ներկայացուցիչը։