Search
Close this search box.

Թիֆլիսի Կարմիր Աւետարան հայկական եկեղեցին շուտով վերջնականապէս փլելու վտանգին առջեւ կը գտնուի

Թիֆլիսի երբեմնի ամէնէն բարձր գմբէթով եկեղեցին՝ Շամխորեցոց Սուրբ Աստուածածինը (կամ Կարմիր Աւետարան) վերջնականապէս փլելու վտանգին առջեւ կը գտնուի։

2016-ին, եկեղեցւոյ արևելեան պատէն հինգ մեթր հեռաւորութեան վրայ սկսած էր բարձրայարկ պանդոկի մը շինարարութիւնը, որ մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր հասարակութեան մէջ, բայց ցաւօք, արտայայտուած մտահոգութիւններն ու դժգոհութիւնը դրական արդիւնքի չյանգեցուցին։ Այժմ պանդոկը կառուցուած է, որ բացի եկեղեցւոյ հիմքին վնասելէ, լուրջ վտանգ կը սպառնայ  պատմամշակութային այս կոթողին, որ շուտով հողին պիտի հաւասարի, եթէ հրատապ միջոցներու չձեռնարկուի։ 

Նշենք, թէ 2018-ին, կիրակնօրեայ պատարագի մը աւարտին, Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ խումբ մը հաւատացեալներ խաղաղ երթով ուղղուած էին դէպի Կարմիր Աւետարան եկեղեցի, ուր կառոյցի պատին մօտ տեղի ունեցած էր մոմավառութիւն եւ աղօթք։ Ցաւով պէտք է նշել, թէ այսօր այդ պատը նոյնպէս անմատչելի է` մէկ կողմը պանդոկի պահակին սենեակն է, միւս կողմը` հաւանաբար կառքերու կայանը:

Բացի ատկէ, 2023-ի տարեվերջին, եկեղեցւոյ յարող կառքերու կայանին առջեւ զետեղուած է պաստառ մը, ուր գրուած է թէ տարածքը կը վաճառուի։ Այս բոլորը հիմք կը հանդիսանան մտածելու, որ եկեղեցին մօտ ապագային կ՚անհետանայ:

Վրաստանի հայ համայնքը կոչ ըրած է այս հարցին ուշադրութիւն դարձնելու եւ համապատասխան միջոցներու դիմելու, քանի դեռ ուշ չէ։