«Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը լուրջ է, եւ պէտք է շտապ լուծումներ գտնել»
Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Յունուար 23-ին Երեւան ժամանած է:
Նախքան իր ժամանումը, ան Թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով տեղեկացուցած է.
«Վերադարձ Երեւան՝ միօրեայ հանդիպումներու։ Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակը լուրջ է, եւ պէտք է շտապ լուծումներ գտնել։
Ես անհամբեր կը սպասեմ քննարկումներուն՝ հետագայ ուղիները բացայայտելու համար: Եւրոպական Միութեան նպատակը կը մնայ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորումը»։
Թոյվօ Քլաարի հանդիպումը Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարին հետ
Քլաար Յունուար 23-ին ընդունուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ։
Ան, Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ Քլաար իր մտահոգութիւնը յայտնած է Բերձորի միջանցքի շուրջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ։ Քննարկուած են տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին: