Search
Close this search box.

Թուրքերը  եւ Ազերիները կը շարունակեն փայփայել Զանգեզուրի երազանքը 

Ինչ ալ ըլլայ դէպքերու ընթացքը, Հայաստանի հետ դրական որակուող ինչպիսի զարգացումներ ալ արձանագրուին՝ Թուրքերն ու Ազերիները կը մնան անշեղ՝ Հայերէն նորանոր հողեր կորզելու իրենց երազանքներուն մէջ։ 

Այսպէս, Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան թուրք երեսփոխան Զաֆեր Սըրաքայա այցելած է Ազերպայճան, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է։   Այդ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին նուիրած է Ազերպայճանի քարտէս մը, ուր պատկերուած է արդէն կառուցուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը։