ԹՈՒՐՔԻԱ – «Երէկ՝ Սուրբ Սոֆիա, այսօր՝ Օմայատները, վաղը՝ Ալ-Աքսա»

Ո՞վ է յաջորդը…

Յու­նուար 1-ին նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիփ Էր­տո­ղանի տղուն՝ Պի­լալ Էր­տո­ղանի եւ 308 ոչ-կա­ռավա­րական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու նա­խաձեռ­նութեամբ տե­ղի ու­նե­ցած է «Արե­ւը կը ծա­գի» խո­րագ­րով զանգուածային հան­րա­հաւաք մը։ Պա­ղես­տինցի­ներու զօ­րակ­ցութեան հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ցոյցը ընթացած է Պոլ­սոյ Կա­լաթա­յի կա­մուրջին վրայ ու շուրջ։

Նախորդ օր, թրքա­կան պաշ­տօ­նական TRT լրաս­փիւռը այս մասին լրատւութեան մէջ կը գրէր. «Նոր տա­րուան առա­ջին օրը Պո­լիս պի­տի դառ­նայ պատ­մութեան ամե­նամեծ բո­ղոքի ցոյ­ցե­րէն մէ­կուն թա­տերա­բեմը: Հա­րիւրհա­զարա­ւոր մար­դիկ Պա­ղես­տի­նի հա­մար պի­տի հա­ւաքուին Կա­լաթա­յի կա­մուրջին վրայ՝ “Երէկ՝ Սուրբ Սո­ֆիա, այ­սօր՝ Օմա­յատ­նե­րը, վա­ղը՝ Ալ-Աք­սա” կար­գա­խօսով։

308 ոչ-կա­ռավա­րական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք այս եր­թին նպա­տակն է դա­տապար­տել Իս­րա­յէլի բռնաճնշու­մը։ Առա­ւօտեան աղօթ­քէն յե­տոյ Պա­ղես­տի­նի զօ­րակ­ցութեան ու­ղերձ մը պի­տի յղուի հա­մայն աշ­խարհին։

TÜGVA-ի (Թուրքիոյ երի­տասար­դա­կան հիմ­նարկու­թիւն)՝ ըն­կե­րային ցան­ցի պաշ­տօ­նական էջին հրա­պարա­կուած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ բնակ­չութեան կոչ կը յղուի Յու­նուար 1, առա­ւօտեան ժա­մը 8.30-ին հա­մախմբուիլ Կա­լաթա­յի կա­մուրջին վրայ։

TÜGVA-ի հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ կ՚ըսուի. “Մենք կը հա­ւատանք, որ մութ օրե­րէ ետք՝ արե­ւը կը ծա­գի”»։

*  *  *

Ամէն ինչ ըսուած է այս քա­նի մը տո­ղերով… ու առանց դոյզն բար­դոյթի։ Ար­դէն, մի­թէ կա­րելի՞ է խօ­սիլ բար­դոյթի մա­սին, երբ ու­րի­շին պատ­կա­նող ամէն ին­չի իւ­րա­ցու­մը, բռնագ­րա­ւու­մը հպար­տութեան ամե­նամեծ աղ­բիւրն է խնդրոյ առար­կայ հա­ւաքա­կանու­թեան։

Ձեր ու­շադրու­թե­նէն խու­սա­փած ըլ­լա­լու չէ, որ Սուրբ Սո­ֆիայէն յե­տոյ Դա­մաս­կո­սի Օմա­յատ­նե­րու մզկի­թը ար­դէն նե­րառուած է անոնց «աւար»-ին մէջ, մինչ Երու­սա­ղէմի Ալ-Աք­սա­յի ճա­կատագ­րին հա­մար ճշդուած ժա­մանակն ալ «վաղ»-ն է։

Փան­թուրա­նիզ­մը կը յա­ռաջա­նայ մեծ քայ­լե­րով, աղ­մուկով եւ ան­զուսպ, խոր քու­նի մէջ գտնուող Արեւ­մուտքի եւ ընդհան­րա­պէս հա­մայն աշ­խարհի աչ­քին առ­ջեւ։

Ո՞վ է յա­ջորդը։ 

*  *  *

Յունո­ւար 1-ին թուրք մա­մու­լը կը հա­ղոր­դէր, թէ մեծ յա­ջողու­թեամբ գոր­ծադրո­ւած է նա­խատե­սուած մի­ջոցա­ռու­մը. թէեւ այս մա­սին լրատ­ւութեանց մէջ, ակնկա­լուած «հա­րիւրհա­զարա­ւոր­նե­րու բազ­մութիւ­նը» իր տե­ղը զի­ջած էր «տաս­նեակ­հա­զարա­ւոր­նե­րու», իսկ որոշ աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն ալ՝ «հա­զարա­ւոր­ներու»։