Search
Close this search box.

Թուրքիա իր պատմութեան ընթացքին «երբեք չէ մասնակցած ցեղասպանութեան»…. 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած Innova-League Champions Awards մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ անդրադարձած է Կազայի մէջ Իսրայէլի կատարած զինեալ յարձակումներուն եւ անամօթաբար յայտարարած, թէ «Թուրքիա իր պատմութեան ընթացքին երբեք չէ մասնակցած ցեղասպանութեան»։

«Թուրքիա երբեք չէ հանդուրժած ճնշում կամ չէ մասնակցած ցեղասպանութեան, ի տարբերութիւն անոնց որոնք այսօր կը լռեն ի տես Իսրայէլի վայրագութիւններուն»,– ընդգծած է ան։

Կարիք կա՞յ յիշեցնելու Արցախի բնակչութեան ցեղային զտման մասնակից Թուրքիոյ՝ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ ժողովուրդներու դէմ գործած անմարդկային ոճիրները՝ Ատանայի կամ Զմիւռնիոյ ջարդերը… եւ տակաւին ինչե՜ր, ինչե՜ր…։