Search
Close this search box.

ԻՍՐԱՅԷԼ-ԹՈՒՐՔԻԱ – Իսրայէլի ԱԳ նախարարը Էրտողանին յիշեցուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը. «Մենք կը յիշենք Հայերը»

Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Գաց Յունուար 12-ին պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ իր երկրի հասցէին կատարած քննադատական յայտարարութիւններուն։

“Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն ունեցող Թուրքիոյ նախագահը, այժմ կը պարծենայ Իսրայէլի դէմ անհիմն մեղադրանքներով: Մենք կը յիշենք Հայերը, Քիւրտերը: Ձեր պատմութիւնը կը վկայէ այդ արարքներու մասին: Իսրայէլ ինքզինք կը պաշտպանէ պայքարելով ձեր բարբարոս դաշնակիցներուն դէմ”,– X-ի իր էջին գրած է Գաց։

Էրտողան իր յայտարարութեան մէջ յոյս յայտնած էր, որ Իսրայէլ կը պատժուի «պաղեստինցի Արաբներու ցեղասպանութեան համար»։ Ան աւելցուցած էր, թէ Անգարա կը շարունակէ Լա Հէյի Միջազգային ատեանին տրամադրել բոլոր այն նիւթերը, որոնք, իր կարծիքով, կ՚օգնեն Իսրայէլը պատասխանատւութեան ենթարկելու։

Յայտնապէս, Ներկայի իրադրութեան թելադրանքով՝ Իսրայէլ պահարանի իր փոշիներուն մէջէն դարձեալ դուրս հանած է Հայոց ցեղասպանութեան «յոգնատանջ» խաղաքարտը։