ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորած է Էրպիլի մէջ Հայաստանի նորանշանակ հիւպատոսը

 

Յունուար 16-ին, Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան, ընկերակցութեամբ Արթուն քհնյ Խալաթեանի, Էրպիլի թաղական խորհուրդի ատենապետ Իվոն Պօղոսեանի եւ անդամ Յակոբ Խալաթեանի, այցելած է Էրպիլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարան եւ հանդիպում ունեցած նորանշանակ հիւպատոս Ռաֆայէլ Մովսէսեանի եւ նախկին հիւպատոս Անդրանիկ Մանուկեանի հետ։

Սրբազան հայրը շնորհաւորած է նորանշանակ հիւպատոսը մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք։ Ան նաեւ  երախտիքի խօսք ուղղած է նախկին հիւպատոսին, Քրտական մարզի հայութեան` հիւպատոսարանի մատուցած ծառայութեանց համար։