Search
Close this search box.

Լաւրով. «Եռակողմ համաձայնութիւններու շրջածիրին մէջ երբեք խօսք չէ եղած “Զանգեզուրի միջանցք”-ի մասին» 

2023-ի ռուսական դիւանագիտութեան արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիսին, Արտաքին գործոց նախարար Սերկեյ Լաւրով անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու յայտարարութիւններուն ըսած է, թէ եռակողմ համաձայնութիւններու շրջանակին մէջ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին երբեք չէ խօսուած։

“Վերջին օրերուն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները իրենց հրապարակային մեկնաբանութիւններուն մէջ շօշափեցին հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցեր։

Խօսուեցաւ Ազերպայճանի հիմնական բաժնին եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի հաստատման նիւթին շուրջ։ 2020 Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ կ՚ապաշրջափակուին երթեւեկութեան եւ տնտեսական բոլոր կապերը, եւ թէ Հայաստան կ՚երաշխաւորէ Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ երկու ուղղութեամբ երթեւեկի հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը, որու վերահսկողութիւնը կ՚իրականացնեն Ռուսաստանի անվտանգութեան սահմանային ծառայութեան մարմինները”,– ըսած է Լաւրով։

Ան ընդգծած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի տարածքին կապերու եւ երթուղիներու ապաշրջափակման պարագային երկու երկիրները ամբողջովին կը պահպանեն այդ երթուղիներու իրաւասութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

Անդրադառնալով նաեւ վարչապետ Փաշինեանի ըսածներուն, թէ “Հայաստան պատրաստ է Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ցամաքային կապ տրամադրելու նոյն պայմաններով, որ կ՚առաջարկուի Իրանին”, Լաւրով նշած է, թէ  «Հայաստանն է, որ այժմ դժուարութիւններ ունի իրականացնելու Սիւնիքի մարզով ճանապարհի բացումը այնպէս, ինչպէս գրուած է եռակողմ յայտարարութեան մէջ»։ “Հայաստանն է, որ նոր պահանջներ կ՚առաջադրէ։ Չեն ուզեր, որ այնտեղ ռուս սահմանապահները հսկեն, թէպէտ այդ ստորագրուած է վարչապետ Փաշինեանի կողմէ։ Չեն փափաքիր, որ սահմանային ու մաքսային չէզոք վերահսկողութիւն ըլլայ, այլ՝ կ՚ուզեն միայն իրենք ըլլան։ Սա կը հակասէ արդէն իսկ գոյացած համաձայնութեան»։