Յունուար 22-ին, Ազգային ժողովը ընդունած է «Հայաստանի հանրապետութեան փառերգի մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ առաջարկող նախագիծը, որով կը նախատեսուի միասնական չափանիշ հաստատել անոր բնագրի, երաժշտութեան եւ տեւողութեան միջեւ։
“Հայաստանի փառերգը պէտք է սկսի արդէն գոյութիւն ունեցող առաջին քառատողով, սակայն պէտք է աւարտի բնագրին մէջ գրուած երկրորդ քառատողով, այսինքն՝ «…Թող միշտ պանծայ Հայաստան»-ով»”,– ըսած էր նախագծի հեղինակ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Սիսակ Գաբրիէլեան:
Նոյն օրը Ազգային ժողովը 65 թեր, 31 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներով ընդունած է «Մշակութային օրէնսդրութեան հիմքերուն մասին Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու» օրինագիծը, որու համաձայն՝ Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի, պատկերասրահի, գրադարանի եւ այլ մշակութային կառոյցներու անուններէն կը վերցուի «ազգային» բառը։
Ըստ նախագծին` հայ մշակոյթի զարգացման մէջ մեծ աւանդ ունեցած կառոյցներու անուններէն այսուհետեւ կը ջնջուի «ազգային»-ը ու կը փոխարինուի «համապետական» բառով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։