Յունուար 21-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է Արարատի շրջանի Վեդի գիւղի ջրամբարը։
Ան այս կապակցութեամբ X ընկերային ցանցի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կ՚ըսէ. «Անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ կառուցուած ամէնէն մեծ ջրամբարը, որ աւելի քան 80 տոկոսով գանձատրուած է Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան կողմէ։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսա կը ներդրէ իր միջոցները, ի սպաս այն ծրագրերուն, զորս յարիր կը նկատէ իր համոզումներուն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։