Search
Close this search box.

Մահ՝ Ժերար Գոլոնի

Ժերար Գոլոն 2006 Ապրիլ 24-ին, Լիոնի հայկական յուշակոթողի բացման արարողութեան 

Ֆրանսահայութիւնը կորսնցուց անկեղծ բարեկամ մը

 

Լիոնի նախկին քաղաքապետ Ժերար Գոլոն իր մահկանացուն կնքեց Նոյեմբեր 25-ին, 76 տարեկանին։ 

Եթէ Գոլոն խորհրդանշական դէմք մը եղած է Ֆրանսայի ներքին քաղաքական բեմին վրայ, ան բոլորովին իւրայատուկ տեղ մը ունեցած է ֆրանսահայ համայնքի սրտին մէջ։ 

Արդարեւ, Գոլոն քաղաքական իր ասպարէզի սկիզբէն առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ: Հայաստանի հանդէպ միշտ ցուցաբերած է յատուկ նուիրում, սերտ կապեր հաստատած է Ֆրանսահայութեան, յատկապէս Լիոնի Հայութեան հետ եւ որպէս քաղաքապետ՝ ան մշտապէս յարգած է համայնքը, ներկայ գտնուելով անոր կարեւոր բոլոր ձեռնարկներուն անխտիր։

Գոլոնի քաղաքապետութեան օրով՝ 2006-ին է, որ Լիոնի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին Անթոնէն Փոնսէ հրապարակին վրայ։ Այդ առթիւ ունեցած իր ելոյթին, ինչպէս այնուհետեւ Ծերակոյտին մէջ եւ այլ բոլոր առիթներով միշտ բարձրացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը օրէնքով պատժելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը։ 

Գոլոնի կապը նաեւ անմիջական էր Հայութեան հետ, քանի քաղաքապետութեան երկա՜ր տարիներու ընթացքին ան մեծապէս վստահեցաւ հայազգի վիրաբուժ Ժորժ Քեփենեկեանին, որ իր տեղակալն էր, նախքան 2018-ին առողջական պատճառներով՝ զինք փոխարինելն ու քաղաքապետ դառնալը:

Գոլոնի կորուստով՝ «Լիոնցիները որբացան», ինչպէս արդարօրէն բնորոշեց նախագահ Մաքրոն։ Լիոնի ներկայի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէ, որ նոյնպէս մօտիկ անձնաւորութիւն է Հայաստանին ու Արցախին, խորին յարգանքով կ՚ողջունէ վաստակը մարդու մը, որ «յաւերժօրէն դրոշմեց Լիոնի պատմութիւնը»։ ■