Search
Close this search box.

Նախագահ Մաքրոն գնահատած է Հայաստանի խիզախութիւնը

Մարդկային իրաւանց հռչակագրի 75-ամեակին առթիւ Շայոյի պալատին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ արարողութիւն մը։ Նախագահ Մաքրոն իր ելոյթին ի միջի այլոց անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի՝ Հռոմի կանոնադրութեան միանալուն, զայն որակելով խիզախ քայլ։ 

“Հոս կ՚ուզէի աւելցնել Հայաստանի խիզախութիւնը, որ որոշեց միանալ Հռոմի կանոնադրութեան, շատ ուշագրաւ քայլ մը՝ նկատի առնելով, որ վերջին քանի մը ամիսները ողբերգական եղան այս երկրին եւ այս ժողովուրդին համար”,– ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։