Search
Close this search box.

Նոյեմբեր 30-ին հայ-ազերպայճանական սահմանին տեղի կ՚ունենայ սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումը

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգելով Պաքուի յայտարարութեան, թէ պատրաստ է Երեւանի հետ ուղղակի բանակցելու, նշած էր հետեւեալը.

«Հակառակ բոլոր բարդութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն Երեւան կը յայտարարէ, թէ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման իրական կարելիութիւն կայ, որ կրնայ իրականացուիլ երկուստեք քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագային, իսկ հայկական կողմը ունի՛ այդ կամքը»։

Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այդ կամքի արտայայտութիւններէն է նաեւ այն, որ Հայաստան Ազերպայճանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստ գումարել երկու երկիրներու միջեւ պետական սահմանին:

Երեւան Նոյեմբեր 23-ին ալ կը հաղորդէր, թէ Պաքուի հետ այս մասին նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է, ըստ որու՝ Նոյեմբեր 30-ին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի պետական սահմանին տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդական հանդիպումը: