Search
Close this search box.

ՇԱՒԻԼ – Հայ համայնքի մեծարման արարողութիւն

Ձախէն՝ Վիրժինի Լանլօ՝ Հօ-տը-Սէնի երեսփոխանուհի, Մատլէն Մելքոնեան, Ժան-Ժաք Կիյէ, Աստղիկ Տէտէեան, Հիլտա Փանոսեան՝ իր ամուսնոյն՝ Ժաքի անունով, եւ Հրայր Հրաչեան, իր թոռնուհիին՝ Էլինի հետ

1923՝ առաջին Հայուն Շաւիլ ժամանման տարին։ Այս հարիւրամեակին առթիւ Շաւիլի քաղաքապետ Ժան-Ժաք Կիյէ փափաքեր էր մեծարել հայ համայնքի կեանքին մէջ նշանակալից աւանդ ունեցած չորս անձնաւորութիւններ, անոնց շնորհելով Քաղաքի շքանշանը։

Այսպէս, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, ժամը 18-ին բազմաթիւ հիւրեր հաւաքուեցան քաղաքապետարանի պատուոյ սրահին մէջ՝ մասնակցելու յոբելինական այս արարողութեան։ Ելոյթ ունենալով` պարոն Կիյէ նախ ներկայացուց քաղաքի Հայերուն 100-ամեայ համառօտ պատմութիւնը, անոնց դժուար տարիները, ապա կամաց-կամաց կատարեալ համարկումը զիրենք ընդունած երկրի հասարակութեան եւ յատկապէս Շաւիլի մէջ, ուր անոնք այժմ մաս կը կազմեն տեղական խճանկարին: Այնուհետեւ ան յաջորդաբար ներկայացուց մեծարեալներէն իւրաքանչիւրին անցած ճանապարհը.

– Մատլէն ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ. ան ծնած է Լիոն. աւելի քան 60 տարիէ ի վեր ներգրաւուած է Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի՝ սկիզբը Փարիզի, այնուհետեւ Շաւիլի Տէր Դաւթեան մասնաճիւղերուն մէջ, ուր վարած է պատասխանատու պաշտօններ: Մտերիմներու շրջանակին մէջ «Տիկին Կապոյտ Խաչ» ծածկանունով ծանօթ Մատլէն Մելքոնեան նաեւ քառասուն տարի (1982-2022) եղած է Պելֆոնթէն (Ժիւրա) գտնուող Կապոյտ Խաչի ամառնային ճամբարի տնօրէնուհին ու պատասխանատուն:

– Աստղիկ ՏԷՏԷԵԱՆ. Նիւ-Եորք ծնած քնարական արուեստագիտուհին երաժշտական ասպարէզը սկսած է ջութակով եւ դաշնակով, նախքան երգեցողութեան անցնիլը: 1960-ականներու վերջաւորութեան հաստատուելով Ֆրանսա՝ երգած է Սթրազպուրկի եւ Փարիզի օփերաներուն մէջ։ Ան կ՚առանձնանայ հայկական աւանդական երաժշտութեան իր մեկնաբանութիւններով, բայց նաեւ ճազ երաժշտութեամբ, «նեկրօ սփիրիթուալ» ոճի երաժշտութեամբ եւ ամերիկեան միւզիքալներով: Երեսուն տարի եղած է Վելիզի-Վիլաքուպլէի երաժշտանոցի երգեցողութեան ուսուցչուհի։ Տէտէեան 1995-ին ստեղծած է քնարական երգչախումբ մը՝ «Compagnie Astres Mélodies»-ն, որ պարբերաբար հանդէս եկած է բազմազան ծրագրերով, գլխաւորաբար Շաւիլի մէջ եւ շրջակայքը: Ինը ձայնասկաւառակներու հեղինակ Աստղիկ Տէտէեան գրեթէ յիսուն տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ Շաւիլի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ երգչախումբը, ամէն Կիրակի։

– Հրայր ՀՐԱՉԵԱՆ. Սեւրի Մխիթարեանի նախկին սան, վաւերագրագիտութեան, այնուհետեւ ալ արխիւագիտութեան ուսում ստանալէ յետոյ 30 տարի աշխատած է INRIA-ի մէջ (Համակարգչային գիտութեանց եւ ինքնաշխատման հետազօտութիւններու ազգային հիմնարկ): Աւարտելով Langues’O-ի (Inalco) հայերէնի բաժինը, ան ներգրաւուած է հայ համայնքի կեանքին մէջ. յատկապէս 17 տարի եղած է Շաւիլի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Կրօնական միութեան նախագահ։ 1995-էն ի վեր կ՚ապահովէ նաեւ 500 օրինակով բաշխուող «Թերթիկ» ծխական քառամսեայ տեղեկագրի հրատարակումը։ Ան հեղինակ է հայկական մշակոյթին նուիրուած աշխատասիրութիւններու։

– Ժաք ՓԱՆՈՍԵԱՆ (բացակայ՝ կամքէ անկախ պատճառներով). Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու զաւակ՝ ան դարձաւ հիւլէագիտութեան ճարտարագէտ եւ աւարտեց իր ասպարէզը որպէս Framatome-ի տնօրէն: Փանոսեան նաեւ որպէս ճարտարագէտ-խորհրդատու, աշխուժօրէն մասնակցած է Հայկական հիւլէակայանի ապահովութեան առնչուող ժողովներուն եւ արժանացած՝ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի պատուոյ դոկտորի կոչումին։ Ժաք Փանոսեան 1959-ին եղած է նաեւ շինարարներէն մէկը Շաւիլի ներկայի հայկական եկեղեցւոյ, որու նախագահի պաշտօնը վարած է երկար տարիներ, ապա դարձած՝ անոր պատուոյ նախագահը, միեւնոյն ժամանակ ամբողջութեամբ ներդրուելով Ֆրանսայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմի ստեղծման եւ կառավարման գործին մէջ։

Շքանշանը ստանալէ յետոյ իւրաքանչիւր մեծարեալ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց քաղաքապետին եւ ընտրեալներուն։

Մտերմիկ երեկոյթը վերջ գտաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ բարեկամական բաժակի մը շուրջ։

Հ. Հ. ■