Search
Close this search box.

«Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ երկկողմ բանակցութիւններու»

Նոյեմբեր 21-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ իրենք պատրաստ են Հայաստանի հետ երկկողմ ուղղակի բանակցութիւններու՝ խաղաղութեան պայմանագիրը շուտափոյթ իր աւարտին հասցնելու համար:

«Խաղաղ բանակցութիւններու լճացումը չի նպաստեր տարածաշրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման։ Մենք կը կարծենք, որ երկու երկիրները պէտք է միասնաբար որոշեն իրենց հետագայ յարաբերութիւններու ապագան։ Խաղաղ գործընթացի շարունակման պատասխանատւութիւնը, այդ կարգին՝ փոխադարձ ընդունելի վայրի մը ընտրութիւնը կամ պետական սահմանին հանդիպելու որոշումը, կը պատկանի երկու երկիրներուն»,– յայտարարած է վերջին շրջանին արեւմտեան բանակցային հարթակները պոյքոթի ենթարկող Պաքու՝ հայկական կողմին յորդորելով «խուսափիլ նոր անհարկի ձգձգումներէ»։