Search
Close this search box.

ՊԵԼՃԻՔԱ – Կերարտսպերկէն քաղաքին մէջ կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին պաշտօնական բացումը կատարուած է

Դեկտեմբեր 9-ին, Պելճիլայի ֆլամանական Կերարտսպերկէն քաղաքի Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուած է եկեղեցւոյ կից կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին, որուն տրուած է Կոմիտաս վարդապետի անունը։

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան, Լիէժ եւ Կերարտսպերկէն քաղաքներու հոգեւոր հովիւ՝ Մաղաքիա աբղ. Պեսքիսիզեան, ծնողներ, աշակերտներ։

Սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղելով դպրոցի մանուկներուն յայտնած է. “Կեանքի ամէնէն մեծ հարստութիւնը լաւ գործ ընելը, նպատակ ունենալը եւ  հետեւողական կերպով անոր հասնիլն է։ Անկարելի ոչինչ կայ։ Աստուած ձեզի տուած է անսահման կարողութիւններ, զորս պէտք է օգտագործէք”։ 

Փոքրիկները՝ ամէն Կիրակի կամաւոր կերպով ուսուցչութեան աշխատանքը ստանձնած Անի Կարապետեանի հետ պիտի սորվին հայերէն գրել, կարդալ եւ աւելին։ Վերջինիս խօսքով՝ օտարութեան մէջ հայկական դպրոցի բացումը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ  հայ երեխաներուն համախմբելու հայկական մշակոյթի շուրջ։  “Փորձելու եմ աշակերտներին հաղորդել սէր դէպի մեր հայկականը, ազգայինը”,– շեշտած է ան։

Սա պահուս դպրոցը ունի 25 աշակերտ, բայց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը վստահ է, որ այդ թիւը հետզհետէ պիտի աւելնայ։ 

Հայկական համայնքներ ունեցող Պելճիքայի տարբեր քաղաքներուն մէջ կը գործեն Կիրակնօրեայ դպրոցներ եւ բոլորին առաքելութիւնը նոյնն է՝ հայապահպանում։