Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Միրզոյեան. «Հայաստանի ժողովուրդը նոյնպէս ունի եւրոպական ձգտումներ»

Դեկտեմբեր 11-ին, Պրիւսէլի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան նախարարական հանդիպումին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին յայտարարած է, թէ Հայաստան յստակօրէն ընտրած է ժողովրդավարացման եւ բարեփոխումներու անշրջելի ուղին:

“Հակառակ վերջին տարիներուն Հայաստանի առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրներուն՝ ժողովրդավարացման գործընթացը եւ բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգի իրականացումը ո՛չ մէկ վայրկեան կանգ չէ առած Հայաստանի մէջ”,– ըսած է ան շեշտելով, որ Հայաստան վճռակամ է շարունակելու այդ ուղին՝ Եւրոպական Միութեան զգալի աջակցութեամբ։

“Մեր վճռականութեան վերջին դրսեւորումը Հռոմի կանոնադրութեան Հայաստանի կողմէ վաւերացումն էր: Միանալով Արդարադատութեան միջազգային ատեանին՝ Հայաստան իր ներդրումը կ՚ունենայ միջազգային իրաւակարգի ամրապնդման՝ միաժամանակ վերահաստատելով սեփական ազգային շահերէն բխող որոշումներ կայացնելու ինքնիշխան իրաւունքը”,– նշած է նախարար Միրզոյեան։

“Երեւան կ՚ողջունէ Եւրոպական յանձնաժողովի որոշումը, որ Եւրոպական խորհուրդին կ՚առաջարկէ սկսիլ անդամակցութեան բանակցութիւններ Մոլտաւիոյ եւ Ուքրաինայի հետ, իսկ Վրաստանին շնորհել թեկնածուի կարգավիճակ”,– շարունակած է Արտաքին գործոց նախարարը, ընդգծելով, թէ Հայաստանի ժողովուրդը նոյնպէս ունի եւրոպական ձգտումներ: “Մենք յանձնառու ենք ոչ միայն շարունակելու այս ճանապարհը, այլեւ այնքան մօտենալու Եւրոպական Միութեան, որքան որ ան կարելի կը համարէ”:

«Հայաստան ունի տարածաշրջանին մէջ կայուն և մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու քաղաքական կամք»

Արարատ Միրզոյեան նաեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ունի տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու քաղաքական կամք, ընդգծելով, որ Երեւան պատրաստ է յառաջանալու այս ուղղութեամբ՝ հիմնուելով Կրանատայի մէջ ընդունուած սկզբունքներու վրայ։

“Բազմաթիւ առիթներով մենք ապացուցած ենք մեր պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը մեր դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման միջոցով մնայուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ, ուր բոլոր երկիրները կ՚ապրին բաց սահմաններով եւ իրարու կապուած տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային յարաբերութիւններով”,– յայտնած է նախարարը՝ նշելով Հայաստանի ապագայի տեսլականը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ իբրեւ խաղաղութեան օրակարգին մաս կազմող կարեւոր բաղադրիչ: