Search
Close this search box.

Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 35-րդ տարելիցը

1988 Դեկտեմբեր 7-ին, տեղական ժամով 11.41-ին, 9-10 բալ ուժգնութեամբ ստորերկրեայ ցնցումները ահաւոր աւերածութիւններ պատճառեցին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն՝ Սպիտակ, Լենինական (այժմ՝ Գիւմրի), Կիրովական (այժմ՝ Վանաձոր), Ստեփանաւան քաղաքներու եւ հարիւրաւոր այլ բնակավայրերու մէջ։

Երկրաշարժը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, խլեց 25 հազար կեանք, իսկ 500 հազար հոգի ալ անօթեւան մնաց։ Նիւթական կորուստները աւելի քան 10 միլիառ տոլար կը գնահատուին։

Հայաստանին օժանդակութիւն ցուցաբերեցին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 ﬕջազգային կազմակերպութիւններ։

2023 Դեկտեմբեր 7-ին, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինները իրենց նիստերը սկսած են մէկ վայրկեան լռութեամբ, յարգելով զոհերու յիշատակը։

Նոյն օրը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին։ «35 տարի առաջ՝ 1988 Դեկտեմբեր 7-ին, ժամը 11.41-ին սարսափելի երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւսիսը։ Յիշատակի ու սգոյ այս օրը Ֆրանսայի դեսպանութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին»,– նշուած է X ընկերային ցանցի դեսպանութեան էջին վրայ։ Իսկ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի Գիւմրիի մէջ մասնակցած է երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեանց։