Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Արամ Խաչատրեանի նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը՝ Թիֆլիսի մէջ

Նոյեմբեր 27-ին, Թիֆլիսի Տիմիթրի Ուզնաձէ 93 հասցէին տեղի ունեցած է հայ մեծանուն երգահան Արամ Խաչատրեանին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը։ 1906-1922 տարիներուն այդ հասցէին ապրած է Խաչատրեան։

Արարողութեան մասնակցած են աշխատանքային այցով Վրաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան, Թիֆլիսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Գիորգի Տղեմալաձէ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ Գ. Տղեմալաձէ։ Դեսպանը ընդգծած է Թիֆլիս անցուցած տարիներու ազդեցութիւնը Խաչատրեան երաժիշտի ձեւաւորման ու կայացման գործին մէջ, եւ շնորհակալութիւն յայտնած Թիֆլիսի քաղաքապետական խորհուրդին՝ դեսպանութեան եւ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի նախաձեռնութեան աջակցելուն համար։

Այնուհետեւ կարճ ելոյթ ունեցած է տեղւոյն «Արամ Խաչատրեան« երաժշտական դպրոցի սաներէն Ալեքս Յակոբեան։

Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգ

Նոյն օրը երեկոյեան, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգը, հովանաւորութեամբ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Վրաստանի իր պաշտօնակից Ռեւազ Ժաւելիձէի (Javelidze)։

Համերգին ներկայ եղած է նաեւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեան, Վրաստանի պետական մարմիններու եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, շարք մը երկիրներու դեսպաններ, հասարակական-մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ղեկավարներ։ 

Իր ելոյթին դեսպան Աշոտ Սմբատեան անդրադարձած է Խաչատրեանի միջազգային համբաւին` նշելով վերջինիս դասական ստեղծագործութիւններու հեղինակութիւնը երաժշտագէտներու եւ երաժշտասէրների շրջանակին մէջ։ 

Համերգին հանդէս եկած է Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը՝ Յարութիւն Արզումանեանի ղեկավարութեամբ: