Search
Close this search box.

Փաշինեան-Ալիեւ կը ձեռնուին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ

Դեկտեմբեր 26-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ս.Փեթերսպուրկի «Ցարսքոյէ Սելօ» արգելոց-թանգարանին մէջ միացած է ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներուն: «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հրապարակած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ալիեւի ձեռնուիլը:

Նոյն հանդիպումին՝ Փութին-Ալիեւ ողջագուրումը

Աղբիւրը դիտել կու տայ, որ Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի վրայ Ազերպայճանի զանգուածային յարձակումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան լուծարման մասին յայտարարութենէն ետք, սա Փաշինեանի եւ Ալիեւի առաջին հանդիպումն էր:

Տեսանիւթը կարելի է դիտել այստեղ: