Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Արնուվիլի խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը

Փարիզեան շրջանի հայահոծ հիւսիսային արուարձանին՝ Արնուվիլի մէջ Կիրակի, Նոյեմբեր 5-ին տեղի ունեցաւ խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, տեղւոյն Վարագայ Սուրբ Խաչ հայ առաքելական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ 

Արարողութեան, որու ներկայ էին Արնուվիլի հայ համայնքի անդամներու հոծ բազմութեան մը կողքին՝ մեծ թիւով բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ի շարս որոնց՝ քաղաքապետ Փասքալ Տոլ, նշանաւոր Դուինի խաչքարին (7-րդ դար) մանրատիպը հանդիսացող յուշակոթողը օրհնեց թեմիս առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան։ 

Այս խաչքարին հեղինակն է քանդակագործ Ռուբէն Նալբանդեան։ Իսկ այս ծրագրի նուիրատուները չեն փափաքած յայտնել իրենց անունը։ ■