ՓԱՐԻԶ – Նոր Սերունդի տղոց նստացոյցը՝ Ազերպայճանի դեսպանատան առջեւ

Capture d’écran 2023-09-02 à 21.37

Նոր Սերունդի տղաքը Սեպտեմբեր 2-ին, Բերձորի միջանցքի վերաբացման պահանջով փակած են մայրաքաղաքիս Իէնա պողոտան ուր կը գտնուի Ազերպայճանի դեսպանատունը, ապա նստացոյց կատարած՝ դեսպանատան շէնքին առջեւ։ Ոստիկանութիւնը միջամտած եւ բիրտ ձեւով հեռացուցած է ցուցարար հայ երիտասարդները։