Search
Close this search box.

Օրհնութեան գիրեր՝ Դադիվանքի վերջին սպասաւորներուն

2020-ի պատերազմէն ետք, Դադիվանքի վանական համալիրին մէջ ծառայելը դարձած էր մէկ կողմէ փորձութիւն, միւս կողմէ` երազանք:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները ծառայութեան կը կոչուէին Դադիվանք եւ հերթով կը պահպանէին հոգեւոր կեանքը սրբավայրին մէջ:

Արցախի թեմի կայքէն կը տեղեկանանք, որ մինչեւ 2023 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Դադիվանքի վերջին սպասաւորներն էին կամաւորաբար ծառայութեան անցած Դերենիկ աբեղայ Սահակեան եւ սարկաւագներ Արսէն Մարտիրոսեան ու Յովհաննէս Էվինեան: Հայր Դերենիկի ծառայութեան պայմանաժամը շատոնց լրացած էր, սակայն նկատի առնելով, որ վերջին շրջանին Դադիվանքը կը գտնուէր կրկնակի շրջափակման մէջ` երկարեցան ծառայութեան երանելի ամիսները: Հայր Սուրբն ու սարկաւագները մեծ ոգեւորութեամբ ու կարօտով կը յիշեն հինաւուրց հայկական վանքին մէջ իրենց անցուցած օրերը:

Դեկտեմբեր 5-ին, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան օրհնութեան գիրեր շնորհած է Դադիվանքի սպասաւորներուն` ի գնահատանք անոնց բարեխիղճ եւ նուիրեալ ծառայութեան: Սրբազան հայրը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է հոգեւորականներուն` անձնուէր սպասաւորութեան  համար: