Search
Close this search box.

Ֆրանսայի վարչապետը հրաժարեցաւ

 

Յունուար 8-ին Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պոռն իր կառավարութեան հրաժարականը ներկայացուց նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին։

Նախագահին գրասենեակը յայտարարելով հանդերձ թէ երկրին ղեկավարը ընդունուած է վարչապետին հրաժարականը, սակայն տակաւին չէ նշած յաջորդին անունը։ 62-ամեայ վարչապետուհին կառավարութեան ղեկին կը գտնուէր 2022 Մայիսէն ի վեր։ Ան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ նոր կառավարութեան նշանակումը։