Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Փարիզ կը փոխադարձէ ու իր կարգին կ՚արտաքսէ երկու ազերպայճանցի դիւանագէտ

Դեկտեմբեր 26-ին, Պաքուի՝ երկու ֆրանսացի դիւանագէտ արտաքսելու որոշումէն ետք, յաջորդ օր ալ Փարիզ որպէս փոխադարձութեան միջոց՝ որոշած է երկու ազերպայճանցի դիւանագէտ արտաքսել Ֆրանսայէն։ 

Յիշեցնենք, որ Պաքու Ֆրանսայի դեսպանատան անձնակազմի երկու անդամներ «անբաղձալի անձ» յայտարարած էր՝ պնդելով, որ անոնք «իրենց դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող, 1961-ի Վիեննայի համաձայնագրին հակասող գործունէութիւն» կը ծաւալեն։

Փարիզ «կտրականապէս կը հերքէ Ազերպայճանի՝ իր որոշումը արդարացնելու համար ներկայացուցած մեղադրանքները ֆրանսացի դիւանագէտներուն վերաբերեալ, որոնք այսպէս կ՚ամբաստանուին առանց լրացուցիչ մանրամասնութիւններու»,– ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան այս առթիւ հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։ 

Չորեքշաբթի օր, Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանը կանչուած է Քէ տ՚Օրսէ ու իրեն տեղեկացուած է փոխադարձ արտաքսման որոշումին մասին։