Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Դեսպան Տոլմաջեանի հանդիպումը Պրի-սիւռ-Մառնի քաղաքապետ Ասլանկիւլի հետ

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան Նոյեմբեր 30-ին հանդիպում ունեցած է Փարիզեան արուարձաններէն Պրի-սիւռ-Մառնի (Վալ-տը-Մառնի նահանգ) քաղաքապետ Շառլ Ասլանկիւլի հետ։ 

Այս մասին դեսպանուհին X-ի իր էջին գրած է. «Ջերմ զրոյց Պրի-սիւռ-Մառնի քաղաքապետ Շառլ Ասլանկիւլի հետ՝ ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդները իրարու կապող դարաւոր բարեկամութեան, յարաբերութիւններուն մէջ՝ քաղաքներու յանձնառութեանց եւ զուգորդման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական խնդիրներու մասին»։

Շառլ Ասլանկիւլ Ֆրանսահայ մըն է, որու անձն ու ծագումը յաճախ չէ, որ արծարծուած են։  Ատոր պատճառը մասամբ ալ անոր երիտասարդ տարիքն է՝ 34 տարեկան։ Ընտրուած է Պրի-սիւռ-Մառնի քաղաքապետ 2020-ին։ Թուիթըրի նախքան X-ի վերածուիլը, ան ընկերային այդ ցանցին վրայ օր մը, Ցեղասպանութեան ժխտումի հարցով վէճի մը առթիւ գրած է. «Անունս թրքացուեցաւ Թուրքերու գործած ցեղասպանութենէն խուսափելու համար»։ Իսկ ներկայիս X-ի վրայ ալ ան սկսած է հետզհետէ աւելի յաճախ գրառումներ կատարել ֆրանքեւհայկական բարեկամական կապերու, Հայաստանի թիկունք կանգնելու անհրաժեշտութեան մասին եւ այլն։ Աւելցնենք, թէ Ասլանկիւլի ընտանիքէն ոմն Լէոնս-Ժագ Ասլանկիւլ (1898-1939) ալ ծանօթ անուն մը եղած է Ֆրանսայի մէջ, 1920-30-ական թուականներուն թէնիսի հռչակաւոր խաղացող մը հանդիսացած ըլլալով։ Անոր զաւակը Թոնի Ասլանկիւլ ալ ալպեան ոճի բաւական յաջող դահուկորդ մը եղած է. աւստրալիական հպատակութիւն ստացած՝ 1956-ի Ձմռան ողիմպիականներուն մասնակցած է։