Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – «Mezzo» հեռատեսիլի կայանը կը ցուցադրէ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի համերգները

Ֆրանսական «Mezzo» հեռատեսիլի կայանի եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի համագործակցութեամբ, մինչեւ 2024 Փետրուար 1 «Mezzo»-ն կը ցուցադրէ նշեալ նուագախումբին համերգներու տեսագրութիւնները։

Համերգները կը ներառեն Արամ Խաչատրեանի, Աւետ Տէրտէրեանի, Էդուարդ Բաղդասարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի եւ այլ երգահաններէ ստեղծագործութիւններ։

Կը շարունակուի նաեւ ցուցադրութիւնը՝ «Արամ Խաչատրեան» մշակութային հիմնադրամի ու Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Mezzo» հեռատեսիլի կողմէ նկարահանուած փաստագրական ֆիլմին՝ նուիրուած Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին («Mezzo»-էն ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 2023 Դեկտեմբերին)։ Համերգները եւ ֆիլմը կարելի է դիտել՝ հետեւելով ստորեւ տրուած ժամանակացոյցին՝

https://www.mezzo.tv/en/Khachaturian-12378