Search
Close this search box.

Աբխազիոյ մէջ վերանորոգուած հայկական դպրոցին բացումը կատարուած է

 

Աբխազիոյ Օչամչիրայի շրջանի Արագիչ գիւղի հայկական միջնակարգ դպրոցը, որ 2023 Մարտ 24-ին ամբողջութեամբ այրած էր հրդեհի պատճառով, վերանորոգուած եւ հանդիսաւոր կերպով բացուած է «Գիտելիքի օր»-ուան նախօրեակին՝ Սեպտեմբեր 1-ին, ներկայութեամբ Աբխազիոյ նախագահ Ասլան Պժանիայի։ Ան շնորհաւորած է աշակերտները՝ ուսումնական վերամուտին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնած բարերարներուն ու Օչամչիրայի շրջանի վարչակազմի ղեկավարութեան, որոնց ջանքերուն շնորհիւ վերանորոգուած է դպրոցը։

Նշենք, թէ Արագիչ գիւղը ունի շուրջ հազար բնակիչ, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր են։ Հրդեհէն ետք, աշակերտները ուսումնական տարին աւարտած են դրացի Աթարա գիւղի դպրոցին մէջ։