Հոկտեմբեր 2-ին, Ազգային ժողովը 28 թեր 56 դէմ քուէներով մերժած է տեղահանուած եւ Հայաստան փոխադրուած Արցախի ժողովուրդի կենսական, ընկերային պայմանները ուսումնասիրելու նպատակով խորհրդարանական քննիչ յանձնախումբ ստեղծելու ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկը։ Յանձնախումբը պիտի քննարկէր նաեւ արցախցիներու նկատմամբ Հայաստանի մէջ հնչող ատելութեան խօսքի առկայութեան հարցը։
Այս կապակցութեամբ, Արցախի նախկին Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան՝ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Գագիկ Մելքոնեանի խօսքերը յիշեցուցած է.
«Արցախն իրենց երկիրն էր, իրենք Արցախը յանձնեցին, եկան այստեղ, հիմա թող իրենց հիւրի նման պահեն, ոչ թէ ուզենան տանտէր դառնալ, առանց էն էլ 20 տարի տանտէր են եղել, դրա համար էլ այս երկիրը այս վիճակին է…»։
Բեգլարեան այն տպաւորութիւնը ունի, թէ արցախցիներու նկատմամբ ատելութիւնը կը խրախուսուի Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութեան մակարդակով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։