Search
Close this search box.

Ազգային ժողովի խորհուրդը մերժած է  արտակարգ նիստ գումարելու ընդդիմութեան դիմումը

Յունիս 11-ին, Ազ­գա­յին ժո­ղովի խոր­հուրդը մեր­ժած է ընդդի­մու­թեան դի­մու­մը՝ ար­տա­կարգ նիստ գու­մա­րելու ու կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարա­կանը քննար­կե­լու եւ նոր կա­ռավա­րու­թիւն ձե­ւաւո­րելու վե­րաբե­րեալ:

Նշենք, թէ ընդդի­մադիր «Հա­յաս­տան» եւ «Պա­տիւ ու­նեմ» խմբակ­ցութիւննե­րը դի­մում ներ­կա­յացու­ցած էին Ազ­գա­յին ժո­ղով (ԱԺ)՝ պա­հան­ջե­լով ար­տա­կարգ նիստ գու­մա­րել։ Ընդդի­մադիր երես­փո­խան­նե­րը մաս­նա­ւորա­պէս նշած էին, թէ «կա­ռավա­րու­թիւնը տա­պալած է 2021-26 շրջա­նի ծրագ­րե­րը, նաեւ Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդի ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքի պաշտպա­նու­թեան եւ Ար­ցա­խի անվտան­գութիւ­նը երաշ­խա­ւորե­լու փո­խարէն հա­յաթա­փած է Ար­ցա­խը։ Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թիւնը ան­մի­ջական սպառ­նա­լիքի տակ է եւ գոր­ծող կա­ռավա­րու­թիւնը ձա­խողած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւնը, անվտան­գութիւ­նը, տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնը եւ սահ­մաննե­րու ան­ձեռն­մխե­լիու­թիւնը ապա­հովե­լու մէջ։ Պա­հի հրա­մայա­կանն է, որ պե­տու­թեան կա­ռավա­րու­մը, քա­ղաքա­կան հա­մաձայ­նութեամբ, խա­ղաղ եւ անցնցում կեր­պով ստանձ­նեն մաս­նա­գէտ, հան­րա­յին հե­ղինա­կու­թիւն վա­յելող փոր­ձա­ռու ան­ձեր»։

Ազ­գա­յին ժո­ղովի խոր­հուրդին՝ ընդդի­մու­թեան դի­մու­մը մեր­ժե­լէն հինգ օր ետք, այ­սինքն՝ Յու­նիս 17-ին՝ ժա­մը 18.30-ին, օրէն­քի ու­ժով պի­տի գու­մա­րուի Ազ­գա­յին ժո­ղովի ար­տա­կարգ նիստ։ «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր»-էն Հայկ Կոն­ջո­րեան լրագ­րողնե­րուն յայտնած է, թէ իրենց խմբակ­ցութիւ­նը Յու­նիս 17-ին ալ պի­տի չմաս­նակցի ար­տա­կարգ նիս­տին, աւելցնե­լով թէ իրենք նման օրա­կարգ չու­նին։

Միւս կող­մէ, Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ Ալէն Սի­մոնեան կար­գադրու­թիւն ստո­րագ­րած է Յու­նիս 17, ժա­մը 18.30-ին ար­տա­կարգ նիստ գու­մա­րելու մա­սին:

Նշենք, թէ «Տա­ւու­շը յա­նուն Հայ­րե­նիքի» շար­ժումի ան­դամնե­րը, քա­ղաքա­ցինե­րը, Բագ­րատ սրբա­զանի առաջ­նորդու­թեամբ, եր­կու օր է որ գի­շեր-ցե­րեկ կը գտնուին Բաղ­րա­մեան փո­ղոցը, ուր վրան­ներ լա­րուած են։ Իսկ ոս­տի­կանու­թիւնն ալ նոյն փո­ղոցին շուրջը պա­տած է փշա­լարերով։ ■