Յունուար 14-ին, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունած է Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` Ռուբինեան ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութեան եւ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու գործակցութեան կարեւորութիւնը։
Կողմերը անդրադարձած են տարածաշրջանի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։