Հայաստանի Սպայակոյտի պետի նախկին տեղակալ, ազգային հերոս զօրավար Տիրան Խաչատրեան երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է եւ փոխադրուած Վարդաշէնի բանտը։ Տեղեկութիւնը կը հաղորդէ անոր փաստաբանական խումբը։
Խաչատրեան Յունուար 4-ի առաւօտուն ձերբակալուած է իր բնակարանին մէջ՝ 44-օրեայ պատերազմին առնչուող գործին կապակցութեամբ։ Ան իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքը չ՚ընդունիր։
Փաստաբանները յայտարարած են, թէ Տիրան Խաչատրեանին առաջադրուած մեղադրանքը անհիմն է եւ առ այդ Վերաքննիչ ատեանին բողոք կը ներկայացուի։ Անոնք պնդած են, թէ նախկին բարձրաստիճան զինուորականի նկատմամբ բանտարկութեան վճիռը կիրարկուած է վերջինս «քաղաքական եւ քաղաքացիական կեցուածքին համար պատժելու, ինչպէս նաեւ պատերազմի պարտութեան “յանցաւորներ” կարգելու նպատակով»:
Քննչական յանձնախումբը այս գործին շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած, պարզապէս կառոյցին բանբերը յայտնած է, թէ «քրէական վարոյթը գաղտնի է եւ առկայ են պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ»։
Իշխանութեան եւ զօրավար Խաչատրեանի յարաբերութիւնները պատերազմէն յետոյ լարուեցան: 2021 Փետրուարին վարչապետ Փաշինեանի որոշումով Խաչատրեան ազատ կացուցուեցաւ Սպայակոյտի պետի տեղակալի պաշտօնէն։ Իսկ յաջորդ օրը բանակի ղեկավարութիւնը պահանջեց վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականը։
Տիրան Խաչատրեան իր պաշտօնազրկման պատճառով բողոք ներկայացուցած էր դատարանին։
Իսկ թէ ճիշդ ի՞նչ գործողութիւններու համար ազգային հերոսի կոչում ստացած էր Խաչատրեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէր յստակացուցած, բայց որոշ ժամանակ ետք ան յորդորած էր հրաժարիլ ազգային հերոսի կոչումէն։
Նշենք, թէ Խաչատրեան մասնակից եղած է շուրջ տարի մը առաջ Արամուս գիւղի փուռի բակին մէջ տասնեակ մը անձերու միջեւ ծագած վիճաբանութեան, երբ ան իր զէնքէն արձակած կրակով մարմնական վնաս պատճառած էր տեղւոյն բնակիչներէն մէկուն։ Ան այս գործին համար բանտարկուած եւ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած էր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։