Այս խորագիրը կատակ մը չէ. նիւթն ալ արդէն կատակի պատշաճ չէ։
Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազութիւնը Հայաստանի պատկան մարմինները հրաւիրած է համագործակցելու Պաքուի մէջ բանտարկուած՝ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ յարուցուած քրէական գործերուն կապակցութեամբ:
«Ազերպայճանի դատախազութիւնը, հիմնուելով լուրջ ապացոյցներու վրայ, թէ յարուցուած ամբաստանութիւններու առնչուող բազմաթիւ կասկածեալներ, ինչպէս նաեւ վկաներ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, Հայաստանի պատկան մարմինները հրաւիրած է համագործակցութեան»,– նշուած է այդ երկրի դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Դատախազութիւնը նաեւ յայտնած է, թէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ քրէական գործը ուղարկուած է Պաքուի զինուորական դատարան:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է, թէ «հետաքննութիւն կատարուած է յարձակման, բռնագրաւման, ցեղասպանութեան, խաղաղութեան և մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ռազմական յանցագործութիւններու, ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան գանձատրման եւ բազմաթիւ այլ ոճիրներու փաստերով, որոնք գործուած են Ազերպայճանի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին դէմ»։
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ դատարանը պիտի քննէ 15 անձի նկատմամբ 2548 ամբաստանութիւններ բովանդակող գործը։ Կը մեղադրուին Արկադի Ղուկասեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Բակօ Սահակեան, Դաւիթ Իշխանեան, Դաւիթ Բաբայեան, Լեւոն Մնացականեան, Դաւիթ Մանուկեան, Գարիկ Մարտիրոսեան, Մելիքսեթ Փաշայեան, Դաւիթ Ալահվերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Բալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Վասիլի Կազարեան, Էրիկ Ղազարեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։