Search
Close this search box.

Ազերպայճան՝ «Զօրաց քարեր բնակատեղի» արգելոցը կը ներկայացնէ իբրեւ «հին Ազերպայճանի» տարածքին գտնուող յուշարձան

Գեղարդ հիմնադրամի ահազանգը

Ազերպայճան կը շարունակէ պետական խողովակներով տարածել «Արեւմտեան Ազերպայճան» կեղծ եզրոյթը եզրը: Այս կապակցութեամբ ահազանգ հնչեցուցած է «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը, ընդգծելով թէ այս անգամ Պաքուի թիրախը Ազերպայճանէն դուրս ապրող ազերի եւ օտար երիտասարդներն են։

«Օգոստոս 6-ին Բերձորի մէջ “Սփիւռքի երիտասարդութեան հինգերորդ ամառնային ճամբար”-ի ծիրէն ներս, որուն կը մասնակցէին աշխարհի 60 երկիրներու շուրջ 115 երիտասարդներ, տեղի ունեցած է “Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք» կազմակերպութեան ղեկավարութեան հանդիպումը ճամբարականներու հետ։

Սա Հեյտար Ալիեւ հիմնադրամի եւ Ազերպայճանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած յաջորդական միջոցառումն էր: Հանդիպումին “Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք” կազմակերպութեան անդամները ելոյթ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի հանդէպ ազերպայճանական բացայայտ նկրտումներու, “Արեւմտեան Ազերպայճան” կեղծ թեզի մասին։ Ձեռնարկին ցուցադրուած են “Մօտէն հայեացք Արեւմտեան Ազերպայճանին” վաւերագրական ֆիլմը, լուսանկարներու սահիկաշար, ուր Հայաստանի պատմաճարտարապետական յուշարձանները, բնական վայրերը ներկայացուած են իբրեւ “հին ազերպայճանական”»,– նշուած է Գեղարդ հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Շեշտուած է, թէ ի շարս այլ յուշարձաններու՝ իբրեւ «հին Ազերպայճանի տարածքին գտնուող յուշարձան» կը ներկայացուի նաեւ Սիսիանի շրջանը գտնուող «Զօրաց քարեր բնակատեղի» պատմամշակութային արգելոցը։

«Ազերպայճանի կողմէ տարածաշրջանի ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը միտում ունի օրինականացնելու Ազերպայճանի յաւակնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի նկատմամբ։ 

Ազերպայճանական պետական քարոզչութիւնը չի սահմանափակուիր միայն հայկական ժառանգութեան բռնաիւրացմամբ․ ան կ՚ընդգրկէ նաեւ Իրանի Ատրպատական նահանգի մշակութային ժառանգութիւնը։ 

Ազերպայճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացումը եւ խեղաթիւրումը, ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը սպառնալիք է հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Ազերպայճանի իշխանութիւններու թիրախին կը գտնուին յատկապէս երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց կը հրամցուին հայատեաց, նենգափոխուած պատկերացումներ տարածաշրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, կը կազմակերպուին միջոցառումներ, ուր տեղի կ՚ունենայ ալիեւեան վարչակազմի կողմէ թելադրուած “ուղեղներու լուացում”։ 

Այսպէսով՝ նմանատիպ հաւաքներու կազմակերպումը եւ անոնց մէջ երիտասարդներու ընդգրկումը ցոյց կու տայ, որ Ազերպայճանի պետութիւնը նպատակադրած է ապահովել հայատեաց քաղաքականութեան սերնդափոխութիւնը»,– եզրափակած է հաղորդագրութիւնը: