Search
Close this search box.

Ազերպայճանական բանակը կրակ բացած է Արավուսի եւ Խոզնավարի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Ապրիլ 8-ի իրիկունը Ազերպայճանի բանակը կրակ բացած է Սիւնիքի մարզի Արավուս եւ Խոզնավար գիւղերուն մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։

Նախարարութիւնը միաժամանակ հերքած է Ազերպայճանի հրապարակած լուրերը, որոնց համաձայն՝ իբրեւ թէ գրեթէ նոյն ժամուն Հայաստանի բանակայինները կրակած են սահմանագօտիի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ՝ ընդգծելով, որ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։

Այս առթիւ «Ֆիկառօ մակազին»-ի փոխտնօրէն ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն  «X» ընկերային ցանցի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Երէկ՝ Ապրիլ 8-ի երեկոյեան, Հայաստանի Սիւնիքի երկու նոր գիւղեր ազերպայճանական կրակոցի թիրախ դարձան: Մէկ շաբաթ է, որ ազերպայճանական բանակը ամէն օր կը կրակէ հայկական մարտական ​​դիրքերու եւ նոյնիսկ քաղաքացիական շէնքերու ուղղութեամբ: Երբեք ոչ մէկ դատապարտում, ինչ որ հաւասարազօր է խրախուսանքի…»։