Search
Close this search box.

Ազերպայճանական թանգարան, մզկիթ եւ հրապարակ Շուշիիի մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան աւերուած յուշարձանի տարածքին

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան monumentwatch.org կայքը կը գրէ.

«Սեպտեմբեր 20-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, այցելելով իր երկրի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշի, ներկայ եղած է “Դրօշի հրապարակ”-ի բացման արարողութեան, որ կառուցուած է 2021-ին իսկ՝ Պաքուի կողմէ ոչնչացուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողին վայրը։ 

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ “Դրօշի հրապարակ”-ին մօտ պիտի կառուցուի նաեւ “Յաղթանակի թանգարան”-ը՝ նուիրուած 44-օրեայ պատերազմին Ազերպայճանի տարած յաղթանակին:

Նշենք, թէ հոն կը կառուցուի նաեւ Ազերպայճանի “յաղթանակը” մատնանշող Շուշիի նոր մզկիթը, որու հիմնարկէքը կատարուած էր 2021 Մայիսին, Իլհամ Ալիեւի կողմէ:

44-օրեայ պատերազմէն ետք ազերպայճանական կողմը Շուշի քաղաքի գրաւման առանձնայատուկ տեղ կու տայ՝ իբրեւ “Ղարաբաղի ազատագրման համար պատերազմին տարած յաղթանակի խորհրդանիշ”: Հետեւաբար Շուշիի բարձրադիր կէտին կառուցուելիք այս երեք համալիրներուն կը տրուի յատուկ նշանակութիւն: Այս երեք կառոյցները՝ յատկապէս մզկիթը եւ թանգարանը կը խորհրդանշեն հայկական Արցախի ոչնչացումը, հայութեան ցեղային զտումները»: