Ազերպայճանական լրասփիւռները կը հաղորդեն, թէ նախագահ Ալիեւ հրաժարած է Սպանիա մեկնելէ եւ հանդիպում ունենալէ Հայաստանի վարչապետին հետ՝ Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու մասնակցութեամբ։
Նոյն աղբիւրները կը նշեն, թէ Ալիեւի մերժելու պատճառը Ֆրանսայի «ապակառուցողական» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) դիրքորոշումն է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահին՝ հանդիպումին մասնակցելու Փարիզի եւ Պերլինի անհամաձայնութիւնը։ Նման պայմաններու տակ Ազերպայճան կը մերժէ բանակցիլ։
Նշենք, թէ նախապէս թրքական լրասփիւռները հաղորդած էին, թէ Էրտողան պաղառութեան պատճառով պիտի չերթայ Կրանատա։
Հոկտեմբեր 4-ին, Ազգային ժողովին մէջ Կառավարութեան ուղղուած հարցում-պատասխանի ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Կրանատայի մէջ շրջադարձային նշանակութեան փաստաթուղթ ստորագրելու կարելիութիւն կար։
“Դա այն փաստաթուղթն էր, որ խամաճիկային ընդդիմութիւնը ամէն ինչ անում էր, որ ներկայացուի որպէս կործանարար։ Քանի որ չստացուեց, Հայաստանը խամաճիկային ճնշումների չենթարկուեց եւ իր տեսակէտները յստակ ներկայացրեց”,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Կրանատայի մէջ նախատեսուած հնգակողմ հանդիպումը պիտի չկայանայ, բայց ոչ թէ Հայաստանի մեղքով։
“Մենք չենք չեղարկելու հանդիպումը եւ պատուիրակութեամբ մեկնելու ենք։ Դա չի նշանակում, որ այն համապատասխանում է միայն Հայաստանի շահերին։ Թէեւ հնգակողմ հանդիպումը չի լինելու, սակայն հայկական պատուիրակութիւնը կը մեկնի Գրանադա։ Այնտեղ ունենալու ենք հանդիպումներ եւ փորձելու ենք մեր դիրքորոշումները աւելի մանրամասն ներկայացնել:
Յոյսով ենք՝ հայեցակարգային փաստաթուղթը, որը դրուած է սեղանին, յարմար պահի կը ստորագրուի։ Ես պատրաստ եմ այդ պայմանագիրը ստորագրելու։ Ցաւում եմ, որ վաղը առիթ չեմ ունենայ յայտարարելու, որ այդ կարեւոր որոշումը կայացուած է”,– նշած է Փաշինեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։